«Մայրերու Օր եւ Համբարձման Տօն»

This page is not yet available in this language.

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւր ամեակին առիթով, ԼՕԽ-ի "Հայաշէն" մասնաճիւղի վարչութիւնը յարմար նկատեց հրաւիրել շրջանի մայրերը եւ ԼՕԽ-ական ընկերուհիները ,14 մայիս 2015-ին, միասնաբար նշելու մայրերու եւ Համբարձման զոյգ տօները:

ներկաներուն ակումբի սրահի մուտքին բաժնուեցաւ hամբարձման վիճակ եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած ծաղիկներ:.

Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեան, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ընկհ.Մարկօ Կոտալազեան եւ ԼՕԽ-ի քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչ ընկերուհիներ։
Բացման խօսքը փոխանցեց վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկ. Շաքէ Պաղտասարեան որ ըսաւ.-  

« ԼՕԽ-ի Հայաշէն մասնաճիւղի վարչութիւնը իր տարեկան ծրագրին ընդմէջէն չէր կրնար անտեսել մայրերու տօնը։ Պարտք զգացինք նշել եւ համեստօրէն յարգել մեր մայրերուն , որքան գովաբանենք , տակաւին բառեր կը պակսին ամբողջացնելու մեր սրտագին գովասանքները, որքան որ շնորհակալութիւն յայտնենք , տակաւին հոգեկան գոհացում չենք զգար՝ գիտնելով որ դուք շնորհակալական բառ մ՛իսկ չէք սպասեր մեզմէ, սակայն միշտ գիտցէք որ չարն ու բարին իսկ կը խոնարհին ձեր հեզութեան առջեւ...»։

Ապա հրաւիրեց ընկհ. Մարալ Վարդապետեանը որպէսզի ձեռնարկը վարէ հաճելի խաղերով  եւ ասմունքներով :

Օրուայ պատգամախօսն էր ընկհ. Սօսէ Ճինպաշեան, որ իր կարգին ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ, Հայ մօր դերակատարութեան մասին թէ ինչպէս պէտք է մեր զաւակները այս շուտ յառաջացող արհեստագիտութեան դիմաց կարգ մը յոռի երեւոյթներէն զգուշացնենք, մղենք որ ուսման բարձր մակարդակներու հասնին, ազգին օգտակար դառնալով,...յիշեց նաեւ թէ ինչպէս Հայաստանի կարգ մը բնագաւառներու մէջ,երբ կեանքը տակաւին հեզասահ չէր, մայրեր որքան դժուարութիւններու դիմաց գտնուելով ոչ մէկ բան կը խնայէին որպէսզի բարեկեցիկ կեանք պարգեւէին իրենց զաւակներուն...

Ուրախ էր մթնոլորտը... ներկաները հիւրասիրուեցան վարչական ընկերուհիներու ձեռամբ պատրաստուած ուտելիքներով։

Գեղարուեստական բաժինով քանի մը երգերով հանդէս եկաւ ընկհ.Սիլվա Մարտոյեան:
Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն։
Ներկաները, ուրախ տրամադրութեամբ բաժնուեցան։