ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի (Թրատ) վարչութիւնը կազմակերպած էր դաշտագնացութիւն մը «Մայրերու Օր»ուան առիթով դէպի Այնճար, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 13 Մայիս 2017-ին:
Պտոյտին իրենց մասնակցութիւնը բերին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սեդա Մածունեան, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Զեփիւռ Յովհաննէսեան, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ ընկերուհիներ:
Շթորայի «Թաանայէլ« ագարակին մէջ շրջագայելէ եւ նախաճաշելէ ետք, դաշտագնացութեան մասնակցողները ուղղուեցան դէպի Այնճար:
Այնճարի մէջ, առաջնորդութեամբ ընկհ. Ցօղիկ հաւաթեանին, անոնք այցելեցին Սրբ. Պօղոս եկեղեցին, ուր ծուխի քահանան՝ Տէր Միւռոն քհն. Աւետիսեանը, հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ Այնճար գիւղաւանի ստեղծման եւ եկեղեցիի շինութեան մասին, ապա ան աղօթեց եւ օրհնեց ներկաները:
Երկրորդ կանգառը եղաւ Պօղոս Սանապեանի տուն-թանգարանը: Տիկին Թամար Անտոնեան ներկաներուն բացատրութիւններ տուաւ թանգարանին մէջ գտնուող իրերուն եւ լուսանկարներուն մասին: Ապա ներկաները ուղղուեցան ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի կեդրոնը, ուր արժանացան ջերմ ընդունելութեան: «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մատլէն Խօշեան, ներկաներուն տեղեկութիւններ տուաւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան, աշխատանքներուն եւ ընկերաբժշկական կեդրոնի գործունէութեան մասին:
Անոնց վերջին կայանը եղաւ «Արեւ» ճաշարանը: «Շուշանիկ» մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ ընկհ. Մարօ Ընգապապեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ իր խօսքին մէջ ըսաւ.-«Մայրը հոմանիշ է սիրոյ, զոհողութեան, ազնուութեան, գեղեցկութեան, տոկունութեան եւ մենք որպէս հայ մայրեր պէտք է արդարացնենք այս գեղեցիկ հոմանիշները, մեր աւանդութիւնները եւ լեզուն անաղարտ պահենք ու մեր զաւակները վստահինք հայ դպրոցին»: Շարունակելով խօսքը ան աւելցուց.- «Կ'ըսենք մայր բնութիւն, մայր հայրենիք, մայրենի լեզու, ուրեմն պահենք եւ գուրգուրանք այս բոլորին եւ այդ ձեւով մեր մայրական պարտականութիւնը կատարած կ'ըլլանք որպէս հայ մայրեր»:
Օրուան մթնոլորտը ճոխացուց ընկհ. Մարալ Վարդապետեան, Պ. Սեւակի «Մօր Ձեռքերը» ասմունքով: Ան պատրաստած էր հետաքրքրական եւ շինիչ հարցումներով զարգացման մրցում մը: Իւրաքանչիւր ճիշդ պատասխան տուողը արժանացաւ նուէրի մը:
Տեղի ունեցաւ տարեկան վիճակահանութեան եւ ձեռնարկի վիճակաձգութիւնը: Եղան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Ներկաները վերադարձան Պէյրութ շատ գոհունակ եւ ուրախ տրամադրութեամբ:














