Մայրերու Օր

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի վարչութեան «Մայրերու Օր»ուան  առիթով կազմակերպած ճաշկերոյթը,   տեղի ունեցաւ Կիրակի, 14 Մայիս 2017-ին, Թրիփոլիի «Նաւասարդ» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեանի, Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, օրուան նախագահուհի՝ ընկհ. Անթուանէթ Օգճեանի, շրջանի հոգեւոր հովիւ՝ տէր Ռուբէն քհն. Միսիսեանի, Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչ՝ ընկ. Վաչէ Հարմանտայեանի, անդամուհիներու եւ բարեկամներու:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Էլիզ Չաթոյեան, իր բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած են մասնաճիւղին եւ քաջալերած ու գնահատած անոր գործունէութիւնը: Ընկհ. Չաթոյեան շարունակեց ըսելով.-«եթէ ժողովուրդ մը չյիշէ իր նախկին հերոսները, չի կրնար ծնիլ նոր հերոսներ: Այո, մեր մայրերն ու մեծ մայրերը հերոսներ էին, որոնք ամէն դժուարութիւն դիմագրաւեցին կանգուն պահելու այս մասնաճիւղը: Մենք պարտք կը զգանք յիշելու, ծառայելու եւ շարունակելու մեր նախնիներուն սկսած ազնիւ առաքելութիւնը»: Ապա, ան հրաւիրեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեանը, փոխանցելու իր սրտի խօսքը:

Ընկհ. Մխճեան շնորհաւորեց «Մայրերու Օր»ը եւ հաստատեց, որ իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ական օժտուած է մօր մը  յատկանիշներով՝ զոհողութիւն, նուիրեալ ոգի, սէր ու գուրգուրանք իր զաւակներուն, ընտանիքի սիւն ու պահապան.....: Ան գնահատեց վարչութեան անդամուհիներուն տարած աշխատանքը եւ յաջողութիւն, յարատեւ վերելք մաղթեց մասնաճիւղին:

Մասնաճիւղի վարչութիւնը, յատուկ նուէրներով պատուեց ներկայ բոլոր մայրերը, ինչպէս նաեւ առ ի գնահատանք՝ յատուկ յուշանուէրներով պարգեւատրեց մասնաճիւղի վաստակաշատ եւ աւելի քան 25 տարիներ ծառայած ընկերուհիները:

 Երգչուհի Շաքէ Պաղտասարեան, ընկերակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանի, ճոխ երգերով խանդավառեց ներկաները: Եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ եւ տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն:

Ձեռնարկի աւարտին, վարչութեան անդամուհիներէն՝ ընկհ. Գոհար Կիւվլէքճեան, խօսք առնելով իր երախտագիտութեան զգացումները փոխանցեց: Ան  բարձր գնահատեց ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն անսակարկ նուիրումի հասկացողութիւնը եւ անձնուէր ու կամաւոր ծառայութիւնը՝ ի շահ հայ ժողովուրդին:

Ներկաները գոհունակութեամբ եւ ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն: