Մայրերու Օր

This page is not yet available in this language.

Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽի «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 4 Մայիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Մար Եուսէֆի ակումբի «Սարգիս  եւ Արշալոյս Ներսէսեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Մայրերու Օր»ուան նուիրուած ձեռնարկ մը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, օրուան դասախօսուհի՝ Ալիս Պօղոսեանի,  քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու,  անդամուհիներու եւ բարեկամուհիներու:

Սրահի մուտքին, ներկաներուն բաժնուեցան աղօթագիրք մը եւ վարդարան- ապարանջան մը:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Շաքէ Դարբինեան, հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու մասնաճիւղի բարերարուհի ընկհ. Զուարթ Աբոշեանի եւ բոլոր ննջեցեալ մայրերու յիշատակը:

Օրուան դասախօսը՝ Ալիս Պօղոսեան իր խօսքին մէջ դրուատեց հայ մայրը եւ անոր առաքելութիւնը: Ան ըսաւ.- « Ամէն օր մայրերու տօն է: Մօր ամէնէն գեղեցիկ յատկանիշը զոհողութիւնն է: Ան ճիգ չի խնայեր ամուր պահելու իր ընտանիքը: Մայրը տունի մը ծառին արմատն է, պէտք է ամուր պահել զայն, որպէսզի ընտանիքը կանգուն մնայ»:

Երգչուհի Կարինէ Անդրանիկեան իր երգերով ճոխացուց մթնոլորտը: Ապա, ներկայ տարեց եւ վաստակաշատ ընկերուհիները հրաւիրուեցան հատելու օրուան կարկանդակը:

Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւն, բախտաւորները ստացան համապատասխան նուէրներ: