ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» (Նոր Սիս) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 9 Մայիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապագեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի, մասնաճիւղի տարիներու բարերար՝ ընկհ. Ոսկի Կէրէքմէզեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ ընկերուհիներու:
Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Պալթարեան ձեռնարկի բացումը կատարեց բարի գալուստի խօսքով: Ան հրաւ ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու մասնաճիւղի ընկերուհիներէն՝ Սոնա Քիւրտեանի յիշատակը:
Օրուան մթնոլորտը խանդավառեցին ձայնի հաղորդավար՝ Րաֆֆի Թերզեան, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլէճէն մենապարող՝ Սիլին Ածիլածեան եւ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճէն մեներգող՝ Նաթալի Տէկիրմէնճեան:
Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Ներկաները մեկնեցան բարձր տրամադրութեամբ:










