Մայրերու Օր

This page is not yet available in this language.

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ «Ռուբինա» (Նորաշէն շրջան) մասնաճիւղի վարչութեան, Երեքշաբթի, 17 Մայիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, «Քարքըդ էլ Հաժ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան առիթով ճաշկերոյթ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանի, Շրջանային Վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեանի եւ 70 ընկերուհիներու եւ համակիրներու:

Մուտքին իւրաքանչիւրը ստացաւ կարմիր վարդ եւ գրիչ մը որպէս նուէր:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհին ընկհ. Արշօ Մկրտիչեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան վեր առաւ հայ մօր դերը եւ ըսաւ.-«մեր ազգի ապագան վստահուած է հայ մօր: Հայ մայրն է, որ իր փափուկ ուսերուն պիտի կրէ այն ծանր բեռը, առողջ սերունդ պատրաստելու պարտականութիւնը, կրթելով եւ դաստիարակելով մեր ազգի զաւակները»: Ան շնորհաւորեց բոլոր մայրերն ու մեծ մայրերը իրենց տօնին առիթով: Ապա հրաւիրեց օրուան պատգամախօսը՝ Տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը փոխանցելու օրուան պատգամը:

Ան նախ անդրադարձաւ խաչուհիի առաքելութեան , պարտականութեան եւ պարտաւորութեան հանդէպ իր կազմակերպութեան եւ ժողովուրդին, որմէ ետք մտքերը փոխանցեց միքանի բաժիններով՝
Ա-  Ուրկէ եկած է «Մայրերու Օր» տօնելու գաղափարը
Բ-  Հայ Մօր դերակատարութիւնը ազգային կեանքէն ներս
Գ-  Ինչքանով ճիշդ է ծնողքի մը կենդանի օրինակ ըլալու իրականութիւնը իր զաւակներուն համար
Դ-  2016 տարին «Ծառայութեան Տարի» հռչակուեցաւ ....խաչուհին ոչ միայն պէտք է շարունակէ այլ կրկնապատկէ իր կամաւոր աշխատանքը.....
Ե-  Մեր զաւակները Հայ դպրոցին ու Հայ կազմակերպութիւններուն վստահելու անհրաժեշտութիւնը.....

Ապա հրաւիրուեցաւ երիտասարդ երգիչ՝ Մինաս Աւետիսեանը որ ներկաներուն ներկայացուց փունջ մը մայրերու նուիրուած երգեր:

Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ եղան նուիրատուութիւններ: