«Մայրերու Օր» (2015)

This page is not yet available in this language.

Գարնանային այս գեղեցիկ օրը, ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան » մասնաճիւղը (Զալքա) որոշեց ձեռնարկով մը նշել եւ պատուել շրջանի առաքինի մայրերը:

Մայիս 26-ը, Զալքայի «Diwan El Hachem« ճաշարանը, եղաւ ժամադրավայրը շրջանի ընկերուհիներուն եւ բարեկամուհիներուն:

Մուտքին մայրերը դիմաւորուեցան մէկական կարմիր թուագրուած մեխակներով, որպէսզի ձեռնարկի աւարտին թիւ մը քաշելով որոշուի օրուան բախտաւոր մայրը:

Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի զոյգ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէ ետք «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան կատարեց ձեռնարկի բացումը . ան բարի գալուստ մաղթեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ.Ազատուհի Սարգիսեանին , օրուայ բանախօս՝ ընկհ. Սօսէ Ճինպաշեանին, շրջանի ընկերուհիներուն եւ հիւրերւն, եւ ըսաւ:«Գարնան այս գեղեցիկ օրը կը շնորհաւորենք ձեզ , սիրոյ եւ նուիրումի խորհրդանիշ մայրեր, կը մաղթենք բոլորիդ քաջառողջութիւն եւ երկար կեանք, վարչութեան անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեր ներկայութեան կը մաղթենք որ յառաջիկայ տարիներուն մեր շարքերը աւելի խտանան նոր նուիրեալներով շարունակելու համար ԼՕԽ-ի բարեգործ երթը, հասնելու կարիքաւորին, ծերին եւ աշակերտին ու հիւանդին.ապա ան հրաւիրեց ընկհ.Սօսէ Ճինպաշեանը որ օրուան խորհուրդը փոխանցէ ներկաներուն:

Ընկհ. Ճինպաշեան իր խօսքին մէջ ըսաւ:« Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի այս օրերուն կ՝արժէ յիշեցնել որ Հայ մայրերը անապատի տաք աւազներուն վրայ Մայրենի լեզուի Այբ ու Բէնը սորվեցուցին իրենց զաւակներուն փրկելու համար այլասերումի վտանգէն, սակայն այսօրուայ Հայ Մայրը սփիւռքի մէջ յղփացած եւ այլամերժ կեանք մը կը վառէ.. Հրանդ Տինքէն ետք, իսլամացած Հայեր խօսքի ազատութիւն ստացան եւ տարիներու լռութենէ ետք սկսան արտայայտուիլ իրենց սիրտը կրծող ցաւը, օրինակ Սուբհիէ Չէթին կրցաւ ըսել թէ իր մեծ մայրը Հայ էր... Անդին մեծ մայր մը որ պարտադրաբար իսլամացած էր իր մահուան սնարին մէջ փափաք յայտնած էր որ իր վրայ Հայր Մեր մը ըսեն... Ընկերուհին թելադրեց Հայ մայրերուն որ իրենց զաւակներն ու թոռները Հայօրէն մեծցնեն եւ սիրցնեն մեր հիասքանչ Մայրենին...:

Ապա յաջորդաբար Գոհար Յակոբեան մեներգեց «Պատրանքի Թեւով» եւ «Գիշեր Ցերեկ» երգերը, որմէ ետք Ռուպինա Գարամինասեան ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդոյն» կտորը:

Որմէ ետք Հայկական երաժշտութեան ճոխ ունկնդրութեամբ մեր ընկերուհիները եւ բարեկամուհիները համտեսեցին օրուան ճաշը, վիճականաձգութեամբ ընտրուեցաւ օրուան բախտաւոր մայրը բազմատեսակ նուէրներով եւ նուիրատուութեամբ ներկաները ուրախ եւ գոհունակ սրտով բաժնուեցան իրենց հետ տանելով օրուան պատգամը «Հայ մնալ եւ Հայակերտումի սուրբ գործը շարունակել»...: