Մայրերու Օր (2015)

This page is not yet available in this language.

Հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ Նորաշէնի «Ռուբինա» մասնաճիւղին, «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 12 Մայիս 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10։30-ին, White Tower պանդոկի «Արարատ Բալաս» ճաշարանին մէջ, Զալքա, ներկայութեամբ՝ ԼՕԽի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու։

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտընկայս ունկնդրութենէ ետք, բացումը կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհին՝ ընկհ. Զեփիւռ Պոնիաքրապեանը եւ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, որմէ ետք ընկհ. Մարլէն Տանակէօզեան խօսեցաւ մայրերու եւ Աստուածամօր նուիրուած ծաղիկներու մասին։

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեան իր կարգին շնորհաւորեց մայրերը իրենց տօնին առիթով եւ խիստ գնահատեց մասնաճիւղի վարչութեան գործունէութիւնը։

Գեղարուեստական բաժինով երգիչ՝Արարատ Ահարոնեան իր անուշ երգերով խանդավառեց մթնոլորտը։

Եղան նուիրատուութիւններ եւ տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն։