Մայրերու Օր (2015)

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի (Թրիփոլի), «Մայրերու Օր»ուան առիթով կազմակերպուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 10 Մայիս 2015, Կիրակի կէսօր ժամը 1։00-էն սկսեալ շրջանի «Նաւասարդ» ակումբին մէջ, ներկայութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, շրջանի պատկան մարմիններուն եւ 110 ներկաներու։

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտընկայս ունկնդրութենէ ետք, ձեռնարկին բացումը կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Էլիզ Չաթոյեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, իրենց քաջալերանքին համար։

Մուտքին իւրաքանչիւր ներկայի նուիրուեցաւ մանիշակագոյն ծաղիկներով փոքր թաղարներ. գեղարուեստական յայտագրով իրենց մասնակցութիւնը բերին ընկհ. Գոհար Կիւվլէքեան, ասմունքով, Սինթիա ՍաՖալ մենապարով, ապա տէր եւ տիկին Սեդօ եւ Շաքէ Պաղտասարեաններ խանդավառեցին մթնոլորտը հայկական երաժշտութեամբ եւ երգերով ։

Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն։