Մայրերու Օր (2015)

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի (Թրատ) կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուայ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 5 Մայիս 2015 Երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 10։30-էն սկսեալ «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Ս. Ազնաւուրեան» սրահին մէջ։

Շուրջ 100 ներկաներ մուտքին ստացան Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած ծաղիկի թաղարներ։

Քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհի ՝ ընկհ. Մարօ Ընգապապեան. ան բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանին, Կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ ընկհ. Զեփիւռ Յովհաննէսեանին, օրուայ դասախօսուհի՝ երիցուհի՝ Գայեանէ Մսըրլեանին, քոյր միութիւններու, «Աստուածածին» եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան , «Ա. Գասարճեան» վարժարանի ծնողաց յանձնախումբին եւ ներկաներուն։ Գեղարուեստական յայտագրով ասմունքեց օրդ. Մարալ Վարդապետեան հայրերու եւ մայրերու նուիրուած քերթուածներ։ Ապա օրուայ դասախօսուհին՝ երիցուհի Գայեանէ Մսըրլեան փոխանցեց օրուայ պատգամը, շեշտեը դնելով մայրերու պարտականութիւններուն վրայ, ճիշդ ուղղութեամբ առաջնորդելու իրենց զաւակները, զգուշացուց շրջապատի վտանգներէն, որոնք կը սպառնան մեր զաւակներուն առողջ աճին եւ վերջապէս ան ըսաւ «մեր զաւակները պէտք է տեսիլքներ ունենան իրենց կեանքի ընթացքին եւ ջանան իրագործել զանոնք մեր դրական մօտեցումի օգնութեամբ»։

Ձեռնարկը խանդավառեցին երիտասարդ երգիչ՝ Նշան Հանէշեան եւ օրկանիստ «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի աշակերտ՝ Լութվիկ Զինէթեան։

Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն։ Մեծ թիւով բախտաւորուած ներկաները բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան