Մայրերու Օր

This page is not yet available in this language.

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ   «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 13 Մայիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ «White Tower» պանդոկի «Արարատ Փալաս» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Զեփիւռ Յովհաննէսեանի, հրաւիրեալներու, ընկերուհիներու եւ համակիրներու:

Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ.Մարօ Ընքապապեան, բացումը կատարեց բարի գալուստի խօսքով, ապա հրաւիրեց օրուան պատգամախօս՝ ընկհ.Սօսէ Ճինպաշեանը, փոխանցելու իր պատգամը հայ մայրերուն: Ան նախ անդրադարձ մը կատարեց մեր պատմութեան, ուր մայրերը մեծ զոհողութեամբ կը պահէին իրենց ընտանիքները, անոնք տեսած էին պատերազմ, կողոպուտ, տեղահանութիւն, սակայն բարձր պահած էին ընտանիքին պատիւը, չէին մուրացած այլ՝ աշխատանքով գոյատեւած էին: ապա, իր խօսքը ուղղեց այսօրուան մայրերուն, անոնց կատարելիք դերին առողջ սերունդ պատրաստելու պատասխանատուութեան:

Օրուան մթնոլորտը խանդավառեց՝ երգիչ Արարատ Ահարոնեան, իսկ անակնկալն էր երգիչ Ատիս Հարմանտեանի մուտքը սրահ, որ ընդունուեցաւ ջերմ ծափողջոյններով: Ան «Ծաղիկներ-Ծաղիկներ»  երգը նուիրեց բոլոր հայ մայրերուն եւ առողջութիւն մաղթեց անոնց:

Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն: