Մայրերու Նուիրուած Ձեռնարկ (2015)

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի (Ռաուտա) վարչութեան կազմակերպած «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 26 Մայիս 2015-ին, Ռաուտայի «Էհլան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հրաւիրեալներու:

Սրահի մուտքին, վարչութիւնը ներկաները դիմաւորեց կարմիր վարդերով եւ վարչական ընկերուհիներուն պատրաստած ԼՕԽ-ի նշանակը կրող նուռեր նուիրելով:

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկընդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Յակոբեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք, անդրադարձաւ հայ մօր սրբազան առաքելութեան, շնորհաւորելով մայրերու տօնը, առողջութիւն, համբերութիւն եւ երկար կեանք մաղթեց բոլոր մայրերուն:

Պրն. Գէորգ Պաղտասարեանի ընտրած հայկական ճոխ երգերը խանդավառեցին մթնոլորտը:

Օրուան անակընկալը եղաւ վարչական ընկհ. Սիրուն Պէքարեանի ձեռային աշխատանքով պատրաստուած ծաղիկները, որոնք բաժնուեցան ներկաներուն:

Տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած վիճակաձգութիւնը եւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ: Ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ եւ գոհունակ բաժնուեցան սրահէն: