Մայրերու Նուիրուած Ձեռնարկ (2015)

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի (Մար ԵուսէՖ) կազմակերպած ,Մայրերու Օրուայ ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 14 Մայիս 2015-ին, Հինգշաբթի առաւօտեան ժամը 10։00-էն սկսեալ, «Սարգիս եւ Արշօ Ներսէսեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, մասնաճիւղի բարերարուհի՝ Տիկ. Արշօ Ներսէսեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալներու։

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտընկայս ունկնդրութենէ ետք ձեռնարկի բացումը կատարեց փոխ ատենապետուհի՝ ընկհ. Շաքէ Դարբինեան,ապա ընթերցեց գեղեցիկ տողեր մայրերու նուիրուած։

Օրուայ մթնոլորտը խանդավառեց երգիչ՝ Նժդեհ Պոտրումեան։
Վարչութեան կողմէ պատրաստուած ձեռային աշխատանք «Անմոռուկ» ծաղիկներ նուիրուեցաւ իւրաքանչիւր ներկայի։

Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն։