ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի (Ժպէյլ) վարչութեան կազմակերպած «Մայրերու Եւ Հայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 23 Մայիս 2015-ին,երեկոյեան ժամը 9-էն սկսեալ, Ժպէյլի Հայ Կեդրոնի շրջափակին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, ընկերներու, տեղացի հիւրերու եւ Պաթրունէն ժամանած հրաւիրեալներու .թիւով 123 հոգի:
Մուտքին, վարչութիւնը մայրերը եւ մեծ մայրերը դիմաւորեց ծաղիկներու թաղարներով եւ անուշահոտերով իսկ հայրերը բանալիի կախիչներով որոնց վրայ նկարուած էր Անմոռուկ ծաղիկը եւ Արարատ լեռը, իսկ սեղանները զարդարուած էին Անմոռուկ ծաղիկներով որոնք կը կրէին Հայկական գաւառներու անունները ինչպէս՝ Ուրֆա, Վան, Սասուն.....
Հրամցուեցաւ նաեւ տուրմ:
ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկընդրութենէն ետք, վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսքը հայերէնով արտասանեց ընկհ.Բէգա Երջանեան իսկ Արաբերէնով ընկհ.Մունա Թանկուգեան:
Ընկհ.Բէգա անդրադարձաւ հօր եւ մօր առաքելութիւններուն..... «տունը առանց մօր նման է անյատակ կառոյցի իսկ առանց հօր անղէկ նաւի» ըսաւ ան, եւ թելադրեց որ ներկաները հպարտ զգան Հայ ըլլալնուն , շարունակեն մեր նախնիներու սկսած ազնիւ եւ սրբազան գործը , պահել մեր մշակոյթը, պատմութիւնը եւ Հայերէն լեզուն:
Գեղարուեստական բաժինով , պարմանուհի՝Աննա Պարսումեան ասմունքեց « Խօսք Իմ Օրդուն» բանաստեղծութիւնը, իսկ Հայկական նազպարով ելոյթ ունեցան Աննան եւ Լիլիանան:
Հայկական երժշտութիւնը քաջալերեց ներկաները որ շուրջպարերով ճոխացնեն ձեռնարկին մթնոլորտը:
Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ:
Ներկաները ուրախ տրամադրութեամբ եւ գոհունակ բաժնուեցան կրկին հանդիպելու ակնկալութեամբ:



























