Կիրակի, 27 յունուար 2013-ին, բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէութեան Մար Եուսեֆի վերանորոգուած ակումբին:
Հայաստանի, ՀՅ Դաշնակցութեան եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Մանօ Մարտիրոսեան արտասանեց կոմիտէութեան խօսքը:
Այնուհետեւ ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի ատենապետ Աստղիկ Կիտիկեան խօսք առնելով ներկայացուց մասնաճիւղի պատմութիւնը: Անիկա հիմնուած է 1966-ին եւ 1987-ին Սարգիս եւ Արշալոյս Ներսէսեաններու բարերարութեամբ ունեցած են Մար Եուսեֆի ակումբը: Կիտիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց բարերար Սեդա Դեղարարեանին, որուն բարերարութեամբ բարեզարդուեցաւ, կահաւորուեցաւ եւ վերանորոգուեցաւ այս ակումբը:
Կիտիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, «Թեհլիրեան» կոմիտէին, ակումբի վարչական տղոց, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամներուն եւ ՀՄԸՄ Ժտէյտէի սկաուտներուն:
Ապա բացումը կատարուեցաւ Սեդա Դեղարարեանի անուան յիշատակի յուշատախտակին








