ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ ՅԱՏՈՒԿ Ս․ ԶԱՏԿՈՒԱՆ  ԽՐԱԽՃԱՆՔ- ՀԱՒԿԹԱԽԱՂ

This page is not yet available in this language.

 

Ս․ Զատկուան տօնին առիթով, կազմակերպութեամբ՝ Ֆանարի  ՀՅԴ «Էտկար ակնունի » կոմիտէին , մասնակցութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Հ. Սասունի» մասնաճիւղին ,  , կիրակի, 27 Մարտ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4։00-ին, Ֆանարի մանուկներու խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ տօնակատարութիւն-հաւկթախաղ։

Հաւաքին "Բարեւ փոքրիկներ" խումբը ստեղծեց համապատասխան խանդավառութիւն եւ ուրախ մթնոլորտ։

Տօնակատարութեան մասնակից շուրջ 150 պատանիներն ու երեխաները հայկական մթնոլորտի մէջ անցուցին յիշատակելի պահեր, խաղացին խաղավայրին մէջ եւ մասնակցեցան մրցումներու։

Աւարտին, ներկաները ստացան ԼՕԽ-ի "Հռիփսիմէ-Սասունի" մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ պատրաստուած յատուկ նուէրներ։ Նախաձեռնութիւն մը, որ իր բնոյթով, մասնակիցներու թիւով եւ մթնոլորտով ամբողջովին ծառայեց իր նպատակին։