ԼՕԽի «Հ. Սասունի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած նախաճաշի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 24 Հոկտեմբեր 2014, Ուրբաթ առաւօտեան ժամը 10։00-էն սկսեալ, Ֆանարի ակումբին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկերուհիին, հրաւիրեալներու եւ 90 ներկաներու։
Բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Ալին Քէշիշեան։
Օրուայ դասախօսուհին էր ընկհ. Մարլէն Տանակէօզեան, որ լայն բացատրութիւն տուաւ ծաղիկներու խնամքի մասին, ապա երգիչ՝ Մհեր Զաքարեան մի քանի հայկական երգերով խանդավարեց մթնոլորտը:
Տեղի ունեցաւ վիճակացգութիւն:






