Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած դաշտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 27 Օգոստոս 2015-ին:
Դաշտագնացութիւնը ընթացք առաւ վեց փոխադրակառքերով, առաւօտեան ժամը 8:00-ին, Քաղաքապետարանի դաշտին կից գտնուող կառատունէն: Ներկայ էր նաեւ շրջանի պատկան մարմնի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարալ Մըխսեան:
Մասնակիցները առաջին հերթին այցելեցին «Էմիուն»-ի «Մար Ժըրժոս» ուխտատեղին, ապա՝ «Շէֆիքա Հարրա » եկեղեցին եւ «Մըզիարա», ուր կատարեցին իրենց ուխտն ու բարձրացուցին՝ աղօթքը:
Անոնք, կէսօրուան ճաշը ճաշակեցին «Պուհայրէյ»-ի ճաշարաններէն մէկուն մէջ: Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարօ Ընգապապեան, իր բացման խօսքին մէջ, ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, անոնց ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար:
Ձեռնարկը ընթացաւ ճոխ եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ, որմէ խանդավառուած ներկաները կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւն:
Խաղաղ պտոյտէ մը ետք, ներկաները գոհունակութեամբ վերադարձան իրենց բնակարանները:

















