ԼՕԽ-Ի ՇՈՒՇԱՆԻԿ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

This page is not yet available in this language.

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շուշանիկ մասնաճիւղի վարչութեան, երեքշաբթի, 28 դեկտեմբերին, կ. ե. ժամը 3։00-ին Նիկոլ Դուման ակումբի Սարգիս Ազնաւորեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանուկներու Կաղանդի ձեռնարկ՝ մասնակցութեամբ Ուրախ տարեդարձ խումբին։

Ձեռնարկին ներկայ էին աւելի քան 160 մանուկներ եւ պատանիներ՝ իրենց ծնողներով։

Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Պերճուհի Գասպարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, շնորհաւորեց Նոր տարին եւ մաղթեց երջանիկ, բարեբեր տարի մը։ Ապա ան հրաւիրեց Ուրախ տարեդարձ խումբը, որպէսզի ճոխացնէ մթնոլորտը։

Ուրախ տարեդարձ խումբի պատասխանատու Թալին Լատոյեան իր կարգին բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, յայտնեց, որ Շուշանիկ մասնաճիւղը այս տարի գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր մանուկներու խրախճանքը աւելի եւս ճոխացնել Ուրախ տարեդարձ խումբին ընկերակցութեամբ։ Ան հրաւիրեց բոլոր մանուկները միասնաբար երգելու, պարելու, խաղալու եւ ուրախ ժամանակ անցընելու։

Այնուհետեւ, աւելի քան մէկուկէս ժամ Ուրախ տարեդարձ խումբը զուարճացուց մանուկները, որոնք մեծ հաճոյքով իրենց մասնակցութիւնը բերին խաղերուն, երգերուն եւ ստացան նուէրներ։

Ուրախ մթնոլորտը հասաւ իր գագաթնակէտին Կաղանդ պապային ժամանումով, որ պարեց, երգեց եւ ուրախացուց մանուկները՝ անոնց բաժնելով նուէրներ։

Յայտնենք, որ բոլոր ներկաները հիւրասիրուեցան վարչութեան կողմէ։