ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան (Ռաուտա) կազմակերպած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 17 Ապրիլ 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, շրջանի ակումբի սրահէն ներս: Ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարալ Յովհաննէսեան, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարիա Չոլաքեան, ԼՕԽ-ական եւ քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներ, բարեկամուհիներ եւ հիւրեր:
ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան անունով բացման խօսքը ներկայացուց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Յակոբեան: Ան նախ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ ըսաւ, որ թէեւ Ապրիլ ամիսը Հայոց Ցեղասպանութեան ամիսն է, բայց այլեւս ան՝ սուգի ամիս չէ, ինչպէս յայտարարած է վեհափառ հայրապետը: Մենք այսօր հաւաքուած ենք հոս, մտերմիկ ժամեր անցընելու համար: Ան իր խօսքին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց իւրաքանչիւր անհատի նիւթական օժանդակութեան, որ աջակից եղաւ այս ձեռնարկին յաջողութեան համար:
Ապա, ներկաները ճաշակեցին վարչական եւ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներուն պատրաստած ճաշերը:
Կատարուեցաւ վիճաահանութիւն: Բոլորը վայելեցին հաճելի ժամեր:
Աւարտին, անոնք մեկնեցան ուրախ տրամադրութեամբ:






