ԼՕԽ-ի «Հ. Սասունի» Մասնաճիւղի Ամանորը

This page is not yet available in this language.

Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, շրջանի մանուկները ուրախացնելու եւ ուրախ ու հաճելի մթնոլորտ մը անցընելու նպատակով, ԼՕԽ-ի «Հ. Սասունի» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր ձեռնարկ մը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 23 Դեկտեմբեր 2015-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Ֆանարի Մատրան սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ շուրջ 80 փոքրիկներու:

Բացման խօսքը փոխանցեց վարչութեան փոխ ատենապետուհի՝ ընկհ. Ռոզին Գարաճապրայեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, ապա հրաւիրեց «Բարեւ Փոքրիկներ» խումբը, ներկայացնելու յայտագիրը: Խումբը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց փոքրիկներուն մէջ, որոնք խաղացին, երգեցին, ուրախացան եւ բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորեցին Կաղանդ Պապուկը:

Կաղանդ Պապուկը իր հետ ունէր նուէրներու մեծ տոպրակ մը: Ան վարչութեան պատրաստած տուրմի, պտղահիւթի եւ կրկնեփի ծրարներն ու նուէրները բաժնեց բոլոր փոքրիկներուն անխտիր, որոնք գոհունակութեամբ բաժնուեցան սրահէն: