ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած դաշտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 7 Օգոստոս 2015-ին: Մասնակիցները առաւօտեան ժամը 8:30-ին, Ռաուտայի կեդրոնէն ուղղուեցան դէպի Պիքֆայա, այցելելու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աստուածածին Մայրավանք, մօտէն ծանօթանալու Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան-կոթողներուն եւ աղօթելու մատրան մէջ: Ապա շարունակեցին դէպի Հըմլայա, այցելելու Ս. Րաֆքայի փոքր մատուռը (նախապէս պապենական տունը) եւ մօտակայ եկեղեցին:
Կէսօրին, խումբը հասաւ Տհուր Շուէյրի «Էլ Սէտ» ճաշարանը: ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Անի Թաշճեան, իր բացման խօսքով, բարի գալուստի մաղթանքով, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ բոլորին , որոնք սատար հանդիսացան ձեռնարկի յաջողութեան, որուն նպատակը ինչպէս շեշտեց ընկհ. Թաշճեան «մոռնալ առօրեայ մտահոգութիւնները եւ միասնաբար ուրախ օր մը անցնել» էր:
Երգերով, ընկերուհիներուն ու ներկաներուն պարերով եւ համեղ ճաշերու կերուխումով, ստեղծուեցաւ ուրախ, ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտ մը:
Օրուան անակնկալը եղաւ վարչութեան որոշումը, որ շնորհակալութիւն յայտնել եւ պատուել էր, վարչութեան նախկին ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Յակոբեանը, իր տասնհինգ տարիներու անխոնջ, բեղուն եւ մեղուի ժրաջան աշխատանքին համար: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութեան տոմսերու վաճառք եւ վիճակաձգութիւն, որմէ բախտաւորուած, նուէրներով ծանրաբեռնուած եւ ուրախ ժպիտներով, մասնակիցները մեկնեցան ճաշարանէն, այցելեցին տեղւոյն Ս. Ժաուըրժոս յոյն ուղղափառ եկեղեցին եւ ապա վերադարձան իրենց տուները, յաջորդ պտոյտի մը փափաքով:
«Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը, տեսնելով ուրախ ժպիտները եւ լսելով սրտաբուխ շնորհակալական խօսքերը բոլորէն, ի մասնաւորի տարեց մամիկներէն, գոհացաւ եւ հասաւ իր ծրագրած նպատակին:






