ԼՕԽ-ի կազդուրման կայան 2013

This page is not yet available in this language.

Տարիներու աւանդութիւն դարձած ԼՕԽ-ի կազդուրման կայանի ամրան ծրագիրը այս տարի եւս ընթացք առաւ կիրակի, 11 օգոստոս 2013-ին, Այնճարի շրջանի ԼՕԽ-ի նորակառոյց «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի շէնքին մէջ:

Նորակառոյց կազդուրման կայանը երազ ըլլալէ դադրած է եւ այսօր դարձած է իրականութիւն. անոր հովանիին ներքեւ աւելի քան 60 փոքրիկներ համախմբուած են իրենց պատասխանատուին եւ օգնականներուն հետ, միասնաբար երեք շաբաթներու յատուկ մշակուած դաստիարակչական, ընկերային թէ ազգային ծրագիրին ընդմէջէն աւելի մօտէն պիտի ծանօթանան իրարու եւ հաճելի ժամեր անցընեն:

Վստահ ենք, որ լիբանանահայ կամ սուրիահայ փոքրիկները պիտի օգտուին նաեւ Այնճարի կլիմայէն եւ լաւապէս կազդուրուած պիտի վերադառնան իրենց բնակարանները 31 օգոստոս 2013-ին:

 

Հաղորդագրութիւն

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի աւանդութիւն դարձած կազդուրման կայանի ծրագիրը, որ ընթացք առած էր 11 օգոստոս 2013-ին, աւարտեցաւ 31 օգոստոս 2013-ին:

Երեք շաբաթներու ընթացքին լիբանանահայ թէ սուրիահայ 60 փոքրիկներ ԼՕԽ-ի նորակառոյց «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանի կառոյցին ներքեւ հետեւեցան իրենց յատուկ ընկերային, դաստիարակչական ծրագիրի մը. տուին այցելութիւններ, կատարեցին արշաւներ եւ վերջապէս իրենց պատասխանատուին ու օգնականներուն ճամբով անոնք աւելի մօտէն ծանօթացան  իրարու եւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան: Ծրագիրի աւարտին անոնք ունեցան իրենց հանդէսը, ուր հանդիսատեսներուն ներկայացան իրենց երգերով ու պարերով: Հանդէսէն ետք բոլոր մասնակիցները գոհունակ սրտերով եւ ԼՕԽ-ի շունչով թրծուած վերադարձան իրենց ընտանիքներուն:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ վերոյիշեալ ծրագիրին իրականացման նեցուկ կանգնած բոլոր ծառայողներուն, բարերար ընտանիքին, ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերուն, Այնճարի քաղաքապետութեան եւ ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահեցան Լիբանանահայ օգնութեան խաչին:

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ