ԼՕԽ-ի «Կարս» մասնաճիւղի (Էշրէֆիէ) որդեգրեալ ծերերը կը հաւաքուին իւրաքանչիւր ամսուան առաջին երեքշաբթի օրը, ստանալու իրենց նիւթական յատկացումը, անհրաժեշտ դեղորայքը եւ պնակ մը տաք ճաշ, շրջանի այլ կարիքաւորներու կողքին, որը կը տրամադրուի շրջանէն բարերարի մը կողմէ:
22 դեկտեմբեր 2015- ին, տարեցները կրկին հաւաքուեցան, տօնելու ամանորը եւ բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորելու 2016 տարին: Անոնք միասնաբար ճաշեցին բարերարին տրամադրած ճաշը, ապա հատեցին կարկանդակը որմէ ետք ստացան այլ բարերարուհիի մը եւ մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ իրենց տրամադրուած նուէրները, շնորհակալութիւն յայտնելով ԼՕԽ-ին , մեկնեցան բարձր տրամադրութեամբ:
Սոյն ձեռնարկին ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանը, ծերերու պատասխանատու ընկերուհին եւ մասնաճիւղի վարչութեան անդամները:




