ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի (Ամանոս) վարչութեան կազմակերպած ընկերային հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2016-ին, շրջանիս «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին մէջ:
Հաւաքոյթին ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սեդա Մածունեան, քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներ, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ համակիրներ:
Բացման խօսքը կատարեց մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Օլկա Պրունսուզեան: Ան իր խօսքին մէջ յիշեց, որ ԼՕԽ-ը՝ իբրեւ բարեսիրական միութիւն կը ծառայէ հայ ժողովուրդին եւ կը ձգտի պահպանել հայութեան մշակութային ինքնուրոյնութինը ու նշեց, թէ ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի հայ աշակերտներու կրթանպաստին:
Ապա օրուան բանախօս՝ ընկհ. Տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան, խօսեցաւ «Ծնողք Զաւակ» յարաբերութիւններու մասին, շեշտը դնելով ծնողքի կարեւոր դերակատարութեան վրայ, իր զաւակներուն որակեալ դաստիարակութիւն ապահովելու գործընթացին մէջ, զանոնք ուղղելով հայկական վարժարան, քաջալերելով անոնց անդամակցութիւնը հայկական միութիւններու մէջ, ապահովելով առողջ ապրելակերպ՝ սիրոյ մթնոլորտի մը մէջ, հեռու վատ սովորութիւններէ եւ միջավայրէ:
Եւ վերջապէս, ներկաները հայկական երաժշտութեան հնչիւններուն տակ ըմբոշխնեցին օրուան ճաշը, որուն յաջորդեց շուրջպարը:
Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւն: Ներկաները գոհունակութեամբ մեկնեցան, կրկին հանդիպելու խոստումներով:










