ԼՕԽ-Ի «ԱՇԽԷՆ» Մասնաճիւղի Ընկերային Հանդիպում (2015)

This page is not yet available in this language.

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Աշխէն» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը իր տարեկան գործունէութեան ծրագրի իրագործումը սկսաւ ընկերային հանդիպումով մը, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ , 24 Յուլիս 2015-ին, ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբի «Աբրահամ Աշճեան» սրահէն ներս: Ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեան, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, հիւրեր եւ համակիրներ:

Յիշեալ հանդիպումը սկսաւ ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութեամբ, ապա մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Ատէլ Դերձակեան իր բացման խօսքին մէջ, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, պարզեց հանդիպման նպատակը, շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի յաջողութեան սատարող ընկերուհիներուն, բարի վայելում մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց օրուան դասախօսուհի՝ ընկհ. Մարլէն Տանակէօզեանը: Ան խօսեցաւ օգտակար բոյսերու եւ անոնց օգտագործման ձեւերուն մասին, որ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ:

Ձեռնարկի թուականը մօտալուտ ըլլալով Խանասորի Արշաւանքի թուականին, ընկհ. Դերձակեան անդրադարձաւ նաեւ Խանասորի հերոսամարտին, որ հետաքրքրութեամբ ընկալուեցաւ:

Հայկական ժողովրդային եւ գաւառական երգերը հաճելի եւ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին, որմէ քաջալերուած կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն, որմէ բախտաւորուեցան մեծ թիւով ընկերուհիներ:

Ընկերուհիները մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն, դարձեալ հանդիպելու խոստումով: