ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» Մասնաճիւղի 80- ամեակի պտոյտ

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը մեծ շուքով տօնեց իր հիմնադրութեան 80-ամեակը: Նոյն ծիրէն ներս, շարունակելով իր ծրագիրը, որոշեց ծառատնկում մը իրագործել «Պարուք»-ի մայրիներու անտառին մէջ:

            Հովանաւոդութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, Երեքշաբթի, 8 Սեպտեմբեր 2015-ին, վարչութիւնը կազմակերպեց պտոյտ մը դէպի «Պարուք», «Շուֆի» շրջան:

            Հակառակ օդի աննպաստ պայմաններուն ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ, առաւօտուն փոխադրակառքերով ճամբայ ելան Պէյրութէն դէպի «Մահմիէթ Արզ Էլ Պարուք», 1750 մ. Բարձրութեան վրայ գտնուող անտառը:

            Անոնց տրամադրուեցաւ առաջնորդ մը, որ մանրամասն բացատրութիւն տուաւ մայրիի 2000 տարուան կեանք ունեցող ծառերուն մասին ըսելով թէ ծառին մէջ գտնուող խէժն է, որ զինք կը պահէ այդքան երկար տարիներ:

            Վերադարձին որոշուած վայրին մէջ, ուր Փետրուար ամսուն պիտի ցանուի մասնաճիւղի ծառը, զետեղուեցաւ ցուցատախտակ մը, որու վրայ նշուած է մասնաճիւղին անունը եւ ծառատնկումին շարժառիթը: Աւարտին փոխանցուեցաւ նաեւ հաստատագիր մը, ուր յիշատակուած է, որ մասնաճիւղին կողմէ որդեգրուած է մայրիի ծառ մը 4264 թիւը կրող:

            Վերջին հանգրուանը եղաւ «Շուֆի» շրջանի, «Մխթարա» գիւղին մէջ «Շալլալաթ Մըրշէտ» ճաշարանը: Վայրը այնքան գեղեցիկ էր, որ ներկաները խանդավառուած մթնոլորտէն կատարեցին նուիրատուութիւններ: Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւն:

            Երեկոյեան, ընկերուհիները մեծ գոհունակութեամբ վերադարձան իրենց բնակարանները: Ուրախ էին, որ ամբողջ օր մը հեռու մնացած էին Պէյրութի մէջ տիրող տաք աւազամրրիկէն: