ԼՕԽ-Ի Առօրեայէն. «Շուշանիկ» Մասնաճիւղ

This page is not yet available in this language.

Հինգշաբթի, 23 փետրուարին, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սարգիս Ազնաւորեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ-ճաշ` կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղին:

Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Պերճուհի Գասպարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հաստատեց, որ «Շուշանիկ» մասնաճիւղը կը գոյատեւէ շնորհիւ իր անդամներուն հաստատ կամքին առողջ իմացականութեան եւ մասնաճիւղի ձեռնարկները միշտ քաջալերելու գիտակցութեան: Այնուհետեւ ան բարի գալուստ մաղթեց վաստակաւոր ԼՕԽ-ական` գրագիտուհի Շահանդուխտին, որ օրուան հիւր բանախօսն էր: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ինչպէս նաեւ` «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին, որոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին «Շուշանիկ» մասնաճիւղին:

Այնուհետեւ Շահանդուխտ խօսք առնելով` նկատել տուաւ, որ մասնաճիւղը կը կրէ Վարդան Մամիկոնեանի դստեր` Շուշան անունը, որ քաջ, խելացի, հայրենասէր հայուհի մըն էր: Ան յայտնեց, որ պէտք է անդամները հպարտ զգան, որ կը պատկանին Շուշան Մամիկոնեանի անունը կրող մասնաճիւղին: «Ձեզմէ իւրաքանչիւրին պարտականութիւնն է զօրավիգ կանգնիլ այս մասնաճիւղին», շեշտեց Շահանդուխտ` աւելցնելով, որ պէտք է ներողամտութեամբ մօտենալ իրարու: Անդրադառնալով վեհափառ հայրապետի 2012 տարին «Հայ գիրքի տարի» հռչակման` Շահանդուխտ յորդորեց ներկաները, որ գիտակցին գիրքին արժէքին, բարեկամ ըլլան գիրքին եւ քաջալերեն իրենց զաւակները` գիրք կարդալու: Եզրափակելով իր խօսքը` Շահանդուխտ կոչ ուղղեց պահելու հայկական աւանդութիւնները, նաեւ` եկեղեցին, չխախտելու հաւատքը եւ տէրը ըլլալու հայ գիրքին:

Աւարտին Պերճուհի Գասպարեան յուշանուէր մը յանձնեց Շահանդուխտին: