ԼՕԽ-Ի Առօրեայէն. «Արազ» Մասնաճիւղ

This page is not yet available in this language.

19 յունուար 2012-ին ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղը նշեց իր հիմնադրութեան 35-ամեակը` ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետին, շրջանի ներկայացուցիչին, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու եւ բարեկամներու: Ձեռնարկին կը նախագահէր Լինա Մարտիկեանի: Մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը փոխանցեց Ազնիւ Աւետիքեան, որ մասնաճիւղի պատմականը, շրջանի դիմագրաւած դժուարութիւնները ներկայացնելէ ետք ըսաւ, թէ այս պատմականը փաստ մըն է այն մասին, որ ԼՕԽ-ականը կը հաւատայ իր ազգայնուէր գործին, կը հասնի բոլորին անխտիր` իր կողքին ունենալով բարերարներ, որոնք կը նպաստեն գործին եւ ծրագիրներուն յաջողութեան:

Ձեռնարկին ընթացքին վարչութիւնը պատուեց շրջանի հիմնադիր եւ երիցագոյն անդամ Մանիշակ Թաշոյեան-Քէշիշեանը, որ ուժ եւ կորով մաղթեց իւրաքանչիւր ԼՕԽ-ականի եւ կոչ ուղղեց երիտասարդուհիներու` միանալու ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին եւ գործելու յօգուտ հայ ազգին:

Վարչութիւնը նաեւ գնահատեց եւ պատուեց վերջին 22 տարիներու մնայուն կերպով մասնաճիւղին մէջ գործող անդամ Ազնիւ Աւետիքեանը:

Տեղի ունեցաւ նաեւ կարկանդակի հատում, եւ ներկաներու տրամադրուեցաւ 35-ամեակը խորհրդանշող յուշանուէրներ: