ԼՕԽ-ի Պաուշրիէի Արազ մասնաճիւղը հինգշաբթի, 11 նոյեմբերին ակումբին մէջ ունեցաւ իր տարեկան առաջին ընկերային հանդիպումը՝ ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան մօտ մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Մարօ Չոքաքլեանի, անդամներու, բարեկամներու եւ սիրելիներու, ինչպէս նաեւ ԼՕԽ-ի գործն ու աշխատանքը քաջալերող համակիրներու։
Մասնաճիւղի ատենապետ Ազնիւ Աւետիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք քաջալերեցին ԼՕԽ-ի այս ընտանեկան եւ մտերմիկ հանդիպումը։ Նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնելով մեր սուրբ գործին՝ սատար հանդիսացած կըլլաք այս կազմակերպութեան յաջողութեան, աւելցուց Աւետիքեան։
Հայ կնոջ տարուան առիթով Մարալ Հարպոյեան ներկայացուց Հայ կնոջ պարտականութիւնը եւ պարտաւորութիւնը նիւթով դասախօսութիւնը՝ վեր առնելով յատկապէս կամաւոր կնոջ պարտականութիւնը, աշխատանքը եւ գիտակցութիւնը։
Հարպոյեան ըսաւ, որ ընկերութեան զանազան կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն մէջ, սկսելով ընտանիքէն մինչեւ դպրոց, հասարակական կազմակերպութիւններէն սկսեալ մինչեւ պետական հաստատութիւններ, կինը սկսած է դառնալ կեդրոնական ներկայութիւն՝ իր տիրական խօսքով ու գործունէութեամբ։
Հարպոյեան աւելցուց որ հայ կնոջ վերապահուած է կարեւոր դեր հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ՝ իբրեւ դաստիարակ, ուսուցիչ, խորհրդական եւ կամաւոր, մանաւանդ ԼՕԽ-ի նման կազմակերպութեան մը մէջ, որ յոյս եւ ուժ կը ներշնչէ աշակերտին, հիւանդին եւ կարիքաւորին։
Ապա ներկաները համտեսեցին խաչուհիներուն պատրաստած հայկական համեղ եւ աւանդական ճաշերը՝ լսելով սրամիտ խօսքեր, արտայայտութիւններ եւ անեկդոտներ՝ պատրաստուած դարձեալ մասնաճիւղի անդամ Մարօ Բանիքեանի կողմէ։
Խանդավառուած մթնոլորտէն՝ կատարուեցան նուիրատուութիւններ։
