ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի ուրախ առիթներով, կազմակերպած էր փոքրերու յատուկ ձեռնարկ մը, շրջանի փոքրիկներուն համար, որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 4 Յունուար 2016-ին, McDonald΄s ճաշարանին մէջ:
Ձեռնարկին ներկայ եղան շուրջ 60 փոքրիկներ, որոնք ճաշակեցին իրենց հրամցուած ճաշը եւ խաղացին մանուկներու յատուկ խաղալիքներով: Անոնց բոլորին դէմքերը ներկուեցան զանազան կենդանիներու կերպարներով:
Մթնոլորտը շատ հաճելի էր: Ուրախութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին երբ ժամանեց սիրելի Կաղանդ Պապան, որ այդ խանդավառութեան մէջ պարեց, երգեց եւ ուրախացաւ փոքրիկներուն հետ: Իւրաքանչիւր փոքրիկ ստացաւ նուէր մը նախ ճաշարանատիրոջ, ապա Կաղանդ պապային կողմէ: Ձեռնարկը վերջ գտաւ ուրախ մթնոլորտի մէջ:
















