ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 50-Ամեակի նշում

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղը իր հիմնադրութենէն (1966) սկսեալ բեղուն գործունէութիւն կը տանի Պէյրութի Մար Եուսէֆ շրջանին մէջ: Այս տարի կը զուգադիպի անոր հիմնադրութեան 50 ամեակին, հետեւաբար ներկայ վարչութիւնը կը յղանայ զայն պատշաճ ձեւով նշելու գեղեցիկ գաղափարը, որ առիթ պիտի ընծայէ անոր վերաշխուժացման եւ առաքելութեան ուխտի նորոգութեան:

                  Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 12 Մայիս 2016-ին, առաւօտեամն ժամը 10:00-էն սկսեալ, «Ս. եւ Ա. Ներսէսեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ՝ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 50-ամեակին առիթով: Ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Գըլպաշեան, ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեան, Շրջանային Վարչութեան անդամ՝ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեան, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Լենա Գալուստեան, բարերարուհի՝ Տիկին Արշալոյս Ներսէսեան, ընկերուհիներ եւ համակիրներ:

                  Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկհ. Շաքէ Դարբինեան՝ վարչութեան ատենապետուհին, ապա ընկհ. Աստղիկ Կէտիկեան ներկայացուց  մասնաճիւղի պատմականը:

                  Հրաւիրուեցաւ ընկհ. Թալին Գըլպաշեանը փոխանցելու Շրջանային Վարչութեան խօսքը: Ան գնահատեց բոլոր մասնաճիւղերու կամաւոր ընկերուհիներու  աշխատանքը եւ շնորհաւորեց «Անահիտ» մասնաճիւղի 50-ամեակը, մաղթելով անոր յարատեւութիւն եւ յաջողութիւն գալիք տարիներու աշխատանքին:

                  Օրուան յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին օրդ. Գարոլին Մկրտիչեան հայկական պարով, երգով եւ նուագով, Օրդ. Ռիթա Վարդան՝ ասմունքով «Դերենիկը», որմէ ետք երիտասարդ երգիչ՝ ՃՕ Աթաքեան, մայրերու նուիրուած փունջ մը երգերով ճոխացուց մթնոլորտը:

                  Թիւով 120 ներկաներու խանդավառութիւնը մեծ էր: Ուրախ մթնոլորտին մէջ եղան նուիրատուութիւններ, տեղի ունեցաւ ի նպաստ կրթականի վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը:

                  Տեղի ունեցաւ նաեւ կարկանդակի հատում:

Որպէս յիշատակ այս գեղեցիկ ձեռնարկին, իւրաքանչիւր ներկայ ստացաւ անձեռոց մը՝ վրան տպագրուած մասնաճիւղի 50-ամեակի նշանակը: