Լ.Օ.Խ. ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբը, կազմակերպեց առողջապահական նիւթերով դասախօսութիւններ:
Առաջին դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 1 Սեպտեմբեր 2017 -ի առաւօտեան ժամը 11:00 ին, կեդրոնին մէջ: Յանձնախումբին անունով ընկհ. Սիլվա Գըլըճեան ներկայացուց օրուան դասախօսը՝ նորաւարտ տոքթ. Սեդրակ Մելքոն Գույումճեանը: Տոքթ. Գույումճեան բացատրութիւններ տուաւ ամրան եղանակին պատահող զգայնոտութիւններու և անոնց հետ կապուած բուժումներու և պատուաստումներու մասին:
Իսկ երկրորդ դասախօսութիւնը՝ Ուրբաթ10 Նոյեմբեր 2017-ին: Ընկհ. Անի Անտէքեան ներկայացուց դարմանատան մէջ կամաւորաբար ծառայող տոքթ. Ժան Մաուլան: Բժիշկը նկարներով բացատրեց յաճախակիօրէն պատահող ստորին ողնաշարի ցաւերու պատճառներն ու անոնց կանխազգուշական ձեւերը:Աւարտին, ներկաները ստացան ծանուցողական վիթամիններ DANAFARM ընկերութենէն:













