Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դարմանատան յանձնախումբին, տեղի ունեցան երկու յաջորդական դասախօսութիւններ, մասնաճիւղի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ:
Առաջին դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2018-ին, դարմանատան բժիշկներէն տոքթ. Համզէ Մազլումի կողմէ, որ խօսեցաւVitamin D-ի կարեւորութեան մասին, յատկապէս 35 տարիքը անց կանանց մօտ:
Երկրորդ դասախօսութիւնը՝ Երեքշաբթի, 30 Յունուար 2018-ին, նորաւարտ սննդագէտ Սեւան Պալապանեանի կողմէ, որ անդրադարձաւ ինչպիսի՞ սննդականոնի հետեւելով ապահոված կ'ըլլանք մեր մարմնին պէտք եղած Vitamin D-ն: Ապա պատասխանից ներկաներուն հարցումներուն:
Երկու դասախօսութիւններուն աւարտին, ներկաներուն բաժնուեցան Vitamin D-ի ծանուցողական դեղատուփեր:











