ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղը աւանդութիւն դարձուցած է բարեկենդանի նախօրեակին կազմակերպել հայկական ճաշերու պազար: Շրջանի ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ, իրենց համադամ ճաշ եփելու հմտութեամբ կը սպասեն այդ օրուան, որ օգտակար դառնան ԼՕԽ-ի առաքելութեան:
Վարչական ընկերուհիներ, շրջանի գործօն ընկերուհիներու օժանդակութեամբ, պատրաստեցին բարեկենդանի պազարի ճաշերը:
Շաբաթ, 10 Փետրուար 2018-ին Գարեգին Նժդեհ ակումբը եռուզեռի մէջ էր, ԼՕԽ-ի ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ եկած էին իրենց ներդրումը ունենալու, գիտնալով որ իրենց օժանդակութեամբ պիտի օգտուին շրջանի կարօտեալները եւ այսպիսով պիտի սատարեն ԼՕԽ-ի ազգօգուտ նպատակներուն:
Վարձքը կատար բոլորին:

