ԼՕԽ-ի «Ա. Ազիրեան» Մասնաճիւղի պտոյտը (Նոր Սիս)

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Արշալոյս Ազիրեան» Մասնաճիւղի (Նոր Սիս) շրջապտոյտը տեղի ունեցաւ 6 Օգոստոս 2015-ին:

Հարիւր յիսուն հոգինոց խումբը, երեք հանրակառքերով ուղղուեցաւ դէպի Սայտա, Ղանայի քարայրը, Մաղտուշէի սրբատեղին, ապա Ճզզին՝ ճաշարան: Պտոյտը ունեցաւ շատ հեզասահ եւ հաճելի  ընթացք:

Ճաշարանը՝ վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Պալթարեան, բարի գալուստ եւ բարի ախորժակ մաղթեց ներկաներուն: Երգիչ Նժդեհ Պոտրումեան հայկական երգերով խանդավառեց մթնոլորտը:  

Մասնակիցները ուրախ տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները: