Լ.Օ.Խ-ի «Կարինէ» եւ «Շուշանիկ» մասնաճիւղեր: Ժողովրդային տօնախմբութիւններ

This page is not yet available in this language.

Ժողովրդային տօնախմբութիւնները մեր ազգային աւանդութիւնները եւ տոհմիկ սովորութիւնները վերապրեցնող ձեռնարկներ են:

Այս տարի, առաջին անգամ ըլլալով, նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութիւնը աւանդական իր մատաղ օրհնէքին կողքին կազմակերպած էր ժողովրդային տօնակատարութիւն մը՝ Աստուածածնայ տաճար ընծայման տօնին առիթով, որ սովորաբար կը նկատուի եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Ձեռնարկը համադրողը՝ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէն էր:

Շաբաթ 24 Նոյեմբերին, տօնախմբութիւնը սկսաւ որ ընդգրկեց տաղաւարներու ցուցադրութիւն – վաճառք: Լ.Օ.Խ-ի «Կարինէ» եւ «Շուշանիկ» մասնաճուղերու վարչութիւնները իրենց մասնակցութիւնը բերելով: Ժողովուրդին հրամցուցին եւ վաճաոեցին հայկական համեղ խորովածը իր տարբեր տեսակներով ինչպէս նաեւ խմորեղեններ եւ  անուշեղէններ:

Տօնախմբութիւնը շարունակուեցաւ Կիրակի օր եւս՝ Սուրբ պատարագով, մատաղ օրհնէքով եւ սիրոյ սեղանով:

Ստորեւ տրուած նկարները խօսուն վկաները կը հանդիսանան այդ մթնոլորտին:

Վարձքը կատար մեր խաչուհիներուն.....