Հովանաւորութեամբ Լ.Օ.Խ.ի շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.ի «Արագած» մասնաճիւղի վարչութեան Ուրբաթ 25 Սեպտեմբեր 2026-ին, տեղի ունեցաւ «ընկերային հանդիպում» մը, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Աթայեան Եղբարք» սրահէն ներս, մուտքին իւրաքանչիւրը ստացաւ փոքրիկ յուշանուէր մը, ձեռնարկին ներկայ էին քոյր մասնաճիւղի ընկերուհիներ:
Հ.Օ.Մ.-ի քայլերգի ունկնդրութենէ ետք, վարչութեան ատենապետուհին՝ Լարա Այնթապլեան , խօսք առաւ եւ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:
Ձեռնարկը շարունակուեցաւ երգիչ՝ Հրակ Քէրսօյեանի խանդավառ երգերով, ընթացքին կատարուեցաւ վիճակահանութիւն եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Ներկաները բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան:








