Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար»ի Ձեռարուեստի Նորակառոյց Կեդրոնի Բացում

This page is not yet available in this language.

Գործակցութեամբ Այնճարի Քաղաքապետութեան եւ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան, եւ նիւթական օժանդակութեամբ Լիբանանի մէջ գործող բնապահպանութեան  "SPNL” ընկերակցութեան, Շաբաթ 11 Օգոսոտս 2015-ի կէսօրուան ժամը  1:30-ին տեղի ունեցաւ Այնճարի մէջ Լ.Օ.Խ.-ի աշխատանոցի բացումը՝ որ կը միտի պահպանել ձեռարուեստները, շեշտը դնելով հայկական բացառիկ գործերու վրայ, ինչպէս «Սուազ»ի, հայկական էթամինի, եւ այլ շրջաններու աւանդական ձեռագործներու:

  Բացման արարողութեան խօսք առին Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ատենապետուհի Ցողիկ Հաւաթեան եւ աշխատանոցի յանձնախումբի ատենապետուհի Նաթալի Քէնտիրճեան, որմէ ետք տեղի ունեցաւ կեդրոնի բացումը գիւղի հոգեւոր հայրերու օրհնութեամբ:

  Կեդրոնին մէջ արդէն իսկ ցուցադրութեան եւ վաճառքի դրուած էին ձեռագործներու տարբեր տեսակներ: SPNL –ի պատասախանատուները իրենց գնահատանքը արձանագրեցին կատարուած աշխատանքին ի տես:

  Հիւրերը դիմաւորուեցան աղ ու հացով, եւ տեղի ունեցաւ նաեւ աւանդական ուտեստեղէններու հիւրասիրութիւն այս ուրախ առիթով:

  Ջութակի վրայ նուագով հանդէս եկան Հելենա Քերքէզեանն ու Շաղիկ Հապէշեանը:

  Կեդրոնի աշախատանքները պիտի քաջալերեն իգական սեռը, վառ պահելով ասեղնագործութիւններու տեսակները եւ պատրաստելով ապագայ սերունդի պատասխանատու առաջնորդներ:

   Յետ այսու աշխատանոցը բաց պիտի ըլլայ բոլոր անոնց համար որոնք կը սիրեն պատրաստել ձեռագործներ եւ կը քաջալերեն տարբեր տեսակի ձեռային աշխատանքները: