Երեքշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2016-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ, ժամադրուած էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան նորընտիր եւ ընթացաւարտ կազմերու ընկերուհիները, «Կարինէ» մասնաճիւղի (Ամանոս) նորընտիր եւ ընթացաւարտ վարչական կազմերու ընկերուհիները, նախկին ատենապետուհիներ, վաստակաշատ երէց ընկերուհիներ, ներկայ գտնուելու մասնաճիւղիս հիմնադրութեան 60 ամեակին առիթով, ԼՕԽ-ի ԱՊԸԲ կեդրոնին նուիրուած խաչքարի զետեղման բացման հանդիսութեան, ներկայութեամբ Տէր Ղեւոնդ Քհն. Լօշխաճեանի:
Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց ընկհ. Տոքթ. Սիրուն Վարդապետեան: Ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի պատմականը, հիմնադրութենէն մինչեւ թուականս, անդրադարձաւ մասնաճիւղի բեղուն գործունէութեան ու շրջանի հայութեան մատուցած ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ հիմնադրութեան 60 ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն եւ կեդրոնէն ներս խաչքարի մը զետեղման գաղափարի յղացման ու իրագործման աշխատանքներուն:
Ընկերուհին խօսքը աւարտեց մասնաճիւղի ընկերուհիներուն մաղթելով յաջողութիւն՝ ապագայ ծրագիրներու իրագործման:
Ապա խօսք առաւ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Մարալ Մխճեան: Ան իր կարգին շնորհաւորեց «Կարինէ» մասնաճիւղի ընկերուհիները մասնաճիւղի հիմնադրութեան 60 ամեակի առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ու դրուատեց հայկական մշակոյթը ներկայացնող խաչքարի շինութեան գեղեցիկ գաղափարի հեղինակները, նոյնպէս յաջողութիւն եւ վերելք մաղթելով մասնաճիւղին՝ իր բարեսիրական եւ հայապահպանման առաքելութեան մէջ:
Տէր Ղեւոնդ Քհն. Լօշխաճեան խօսք առնելով շնորհաւորեց ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքը իր կատարած մարդասիրական աշխատանքին համար, գոհունակութիւն յայտնելով խաչքարի շինութեան գաղափարին: Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց ԼՕԽ-ի մատուցած ծառայութիւններուն եւ քրիստոնէական խաչին միջեւ գոյռւթիւն ունեցող կապին, որպէս խորհրդանիշ անձնազոհողութեան եւ նուիրումին:
Քահանայ հայրը արարողութիւնը ամբողջացուց խաչքարի օրհնութեամբ եւ պահպանիչով:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:













