Գարնանային ձեռնարկ

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի գարնանային ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 24 Մարտ 2015ին , Հ Յ Դ «Ռոստոմ» ակումբի «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ընկհ.Սօսի Արամեանի, ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութեան ընկերուհիներու, օրուան դասախօսուհի՝ ընկհ.Մարլէն Տանակէօզեանի, ԼՕԽ-ականներու եւ հիւրերու:

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ,            վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ.Շաքէ Պաղտասարեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Գարնան ունեցած գեղեցկութեան եւ բերած բարիքներուն մասին խօսելով ան ըսաւ, թէ «նորաբաց ծաղիկներուն հետ կարծես մենք ալ կ’ուզենք նոր սկիզբ ունենալ, որովհետեւ մեր սրտերը խինդով լեցուելով գեղեցիկն ու լաւը կը տեսնենք...» ան աւելցուց , որ « Հայոց Ցեղասպանութեան նշանակ՝   Անմոռուկ Ծաղիկին նայելով մենք կը տեսնենք ապրող հոգիները մեր նահատակներուն , որոնք իրենց անհանգիստ տեղերէն կը գոռան ու կը կանչեն. --մեզ մի մոռնաք, յանուն սիրոյ եւ արդարութեան մեր պայքարը շարունակեցէք..»

Ապա, ներկայացուց օրուան դասախօսուհի՝ Մարլէն Տանակէօզեանը, որ տիրացած է Լիբանանի Ամերիկեան դեսպանատան կազմակերպած մրցումի՝ ծաղիկներու մրցանակին:

   Դասախօսուհին սկսաւ իր նիւթը հին ժամանակներէն ի վեր գոյութիւն ունեցող Անմոռուկ Ծաղիկի մասին խօսելով, թէ ինչու ընտրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան նշանակ: Ան, ծաղիկի ամէն մէկ գոյնի նշանակութիւնը տալէ ետք, բացատրեց թէ ինչու կոչուած է անմոռուկ, նաեւ մանրամասն անդրադարձաւ ծաղիկներու եւ բոյսերու խնամքի մասին:

Նախաճաշէն ետք տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ նուիրատուութիւն:

Ներկաները բաժնուեցան սրահէն վերստին հանդիպելու խոստումով: