Հաւատալով, թէ հայ երգն ու երաժշտութիւնը կ'ապրին միայն ու միայն հայու շրթներուն վրայ ու հայկական ոգիին մէջ, Լ.Օ.Խ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբը կազմակերպեց «քարաօքէ» երեկոյ մը, Ուրբաթ, 8 ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Brothers Coffee» ճաշարանին մէջ:
Չորս ժամերու ընթացքին, ներկաները հնչեցուցին իրենց պատանեկութեան ու երիտասարդութեան յուշերով լեցուն, գուսանական և ժողովրդային երգեր. գովերգեցին Երեւանի սիրուն աղջիկը, հայու աչքերը, հայոց քաջերն ու նահատակները, ապա Հայաստանն ու Արցախը:
Ձեռնարկին սեղանապետ-հանդիսավար՝ ընկհ. Լենա Սթամպուլեան, անդրադարձաւ օրուան առիթին, որ կը զուգադիպէր մայրութեան օրուան: Ան բացատրեց նաեւ «քարաօքէ» բառին իմաստը, որ կու գայ Ճափոներէնէն, կազմուած երկու բառերէ՝ «քարա», որ կը նշանակէ պարապ եւ «օքէ»՝ նուագախումբ:
Խանդավառ մթնոլորտը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ բոլոր ներկաները միասնաբար երգեցողութեան կողքին պարեցին գաւառական պարեր և միասնութեան շուրջպարը:
















