Շաբաթ, 12 Դեկտեմբեր 2015-ին, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճի սրահին մէջ եռուզեռ կար: Սուրբ Յակոբի տօնին առիթով, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Պուրճ Համուտ ) կազմակերպած էր աւանդութիւն դարձած «Ճաշի Պազար»ը:
Սրահը լեցուած էր մասնաճիւղի կամաւոր անդամուհիներուն պատրաստած հայկական ճաշերով, անուշեղէններով եւ ձեռային աշխատանքներով: Կարգ մը անդամուհիներ, իրենց ներդրումը ունեցած էին գումարի նուիրատուութեամբ:
Կաղանդ Պապուկին ժամանումը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց սրահին մէջ գտնուող մանուկներուն մօտ, որոնք երգեցին, պարեցին, ուրախացան եւ ստացան վարչութեան կողմէ պատրաստուած կաղանդչէքներ:
Հակառակ ներկայի տնտեսական տագնապին, սոյն ձեռնարկը յաջողութիւն արձանագրեց թէ´ նիւթապէս եւ թէ´ բարոյապէս:










