ԼՕԽ-ի «Հ. Սասունի» մասնաճիւղի (Ֆանար) կազմակերպած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 14 Փետրուար 2015- ին երեկոյեան ժամը 9։30-էն սկսեալ «ՍէյՖ Էլ Պահր» ճաշարանին մէջ։
Ներկայ էին շրջանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ ,ընկերուհիներ եւ հոծ բազմութիւն մը։
Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Ալին Քէշիշեան կատարեց բացման խօսքը բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն։ Ապա շրջանի «Է. Ակնունի» կոմիտէի հերթապահ՝ ընկ. Արծիւ Տէր Խաչատուրեան խօսք առնելով փոխանցեց թէ՝ ԼՕԽ-ը եւ կոմիտէն իրարու հարազատ , միշտ իրար հետ կ'աշխատին , կը գործակցին որպէս մէկ մարմին եւ մէկ անդամ :
Ճաշարանի մուտքին, վարչութիւնը իւրաքանչիւրին, նուիրեց ծաղիկներ, եւ անուշահոտեր։
Տեղի ունեցաւ նուիրատուութիւն եւ վիճակաձգութիւն։
Ներկաները բաժնուեցան սրահէն մեծ գոհունակութեամբ։







