ԼՕԽ-ի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղի (Թրիփոլի) վարչութեան կազմակերպած «Ճաշկերոյթ» ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 29 Նոյեմբեր 2015-ին, «Նաւասարդ» ակումբին մէջ: Ձեռնարկի նախագահութիւնը ստանձնած էին տէր եւ տիկին Հայկ Վարդապետեանները, ի պատիւ եւ առ ի գնահատանք իրենց մօր՝ ընկհ. Սօսի Սաւուլեանի: Ներկայ էին շրջանի պատկան մարնմնի եւ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչները, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Ռուբէն Քհն. Միսիսեանը, խաչուհիներ եւ հոծ բազմութիւն մը:
ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Էլիզ Շաթոյեան բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, իրենց քաջալերանքին համար: Ան շարունակեց ըսելով: «ԼՕխ-ի «Այծեմնիկ» մասնաճիւղը տասնամեակներէ ի վեր գոյատեւած եւ եղած է շրջանի հայապահպանման փարոսներէն մէկը, շնորհիւ մասնաճիւղի ազգանուէր եւ օրինակելի ընկերուհիներուն, որոնցմէ մին է ընկերուհի Սօսի Սաւուլեանը (այժմ Կիպրոսաբնակ), որ իր համեստ եւ գիտակից նկարագրին, իր նուիրումին ու մարդասիրական գործունէութեան շնորհիւ սիրուած ու յարգուած է իր շրջապատէն: Վարչութիւնը, ընկհ. Սաւուլեանը պատուելու եւ իր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը յայտնելու նպատակով, յուշանուէր մը յանձնեց տէր եւ տիկին Հայկ Վարդապետեաններուն:
Ապա ընկհ. Շաթոյեան հրաւիրեց քահանայ հայրը փոխանցելու իր օրհնութիւնը, որմէ ետք ընթացք առաւ խրախճանքը: Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին տէր եւ տիկին Սեդօ եւ Շաքէ Պաղտասարները, որոնք ճոխ երգերով եւ պարեղանակներով խանդավառեցին մթնոլորտը:
Թիւեր կրող գեղեցիկ մոմակալներ գրաւած էին վիճակահանութեան տոմսերուն տեղը: Վիճակաձգութենէն ետք ներկաները ուրախ ու բարձր տրամադրութեամբ բաժնուեցան սրահէն:















