Ճաշ` Ի Պատիւ Տարեցներու

This page is not yet available in this language.

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2014 տարին հռչակեց «Տարեցներու տարի» յայտարարելով, որ ասիկա կը մեկնի այն իրողութենէն, որ տարեց սերունդը աւիշն է մեր ընկերութեան, հիմքը ընտանիքին եւ զօրեղ կռուաններէն մէկը որեւէ կազմակերպութեան` անհրաժեշտութիւն նկատելով անոնց նկատմամբ ցուցաբերել հոգածութիւն, սէր, խնամք եւ յարգանք:

Առ այդ, Ամանոս շրջանի ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը` որպէս իր ժամանակաշրջանի եզրափակիչ ձեռնարկ, 29 մայիս 2014-ի կէսօրին, «Թեհլիրեան» ակումբին մէջ պատրաստած էր սիրոյ սեղան մը, հրաւիրելով մասնաճիւղի որդեգրած ծերերը եւ Ամանոս շրջանին մէջ բնակող տարեց անդամները:

Ճաշը եւ անուշեղէնը պատրաստուած էր վարչութեան կողմէ: Ատենապետ Ժանէթ Հաւաթեան ողջունելէ ետք Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը եւ ներկաները` բոլորին մաղթեց  առողջութիւն եւ երկար կեանք: Նկատի ունենալով, որ օրը կը զուգադիպի Համբարձման տօնին, բոլորին բաժնուեցան եւ կարդացուեցան Համբարձման աւանդական առակները:

Իսկ տարեցները իրենց կարգին շնորհակալութիւն յայտնեցին ԼՕԽ-ին, եւ Աստուծմէ խնդրեցին ուժ եւ կորով իւրաքանչիւր խաչուհիի, որպէսզի շարունակէ ազգանուէր իր գործունէութիւնը: