ՀՕՄ-Ի Խալքիտիքիի" Ամարանոց 2014"

This page is not yet available in this language.

Յունաստանի Խալքիտիքիի ամարանոցը ՀՕՄի  5 ամարանոցներէն մէկն է…..որ  արդէն 25-րդ շարունակական տարին ըլլալով,  իր դռները բացաւ  9- 27  Յուլիս 2014 –ին  ,  հիւրընկալ գիրկին մէջ ընդունելով աւելի քան 100 պատանի- պարմանուհիներ Աթէնքէն , Գոքինիայէն,  Հայաստանէն  եւ Լիբանանէն  :

ՀՕՄ-ի  Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութիւը եւ  հոգատարութիւը վայլող սոյն ամարանոցը հայապահպանման եւ ազգային դաստիարակութեան նպաստող կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն է , ուր  դաստիարակչական-զուարճանքի պահերով լեցուն երեք շաբթուայ ծրագրի մը վրայ, ներառնուած էին  նաեւ ծովու լոգանքի, պտոյտներու, դասախօսութիւններու, երգի ու պարի ուսուցման եւ ընկերային երեկոներու ժամեր:

Այս տարի  Լիբանանահայ 11 պարմանուհիներ եւ օգնական մը, Լիբանանահայ Օգնութեան  Խաչի (ԼՕԽ-ի )  Շրջանային Վարչութեան օժանդակութեամբ եւ կազմակերպութեամբ  մասնակցեցան սոյն ճամբարին:

‘’Ամարանոց  2014’’ –ի պաշտօնական փակման հանդէսը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 26 Յուլիսին, երեկոյեան ժամը 7-ին:
ԼՕԽ-ի  պարմանուհիները մեծ գոհունակութեամբ եւ յիշատակներով լեցուն

Լիբանան վերադարձան  28 Յուլիս 2014–ին:

Վարձքը կատար  բոլորին: