ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան (Ռաուտա) կազմակերպած նախաճաշի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, շրջանի ակումբէն ներս, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, հիւրերու եւ բարեկամուհիներու:
ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Անի Թաշճեան բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն , որոնք քաջալերեցին ձեռնարկը, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք նուիրատուութեամբ եւ վիճակահանութեան նուէրները տրամադրելով օգտակար հանդիսացան ձեռնարկի յաջողութեան:
Ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, ընկերուհիները ճաշակեցին հրամցուած նախաճաշն ու անուշեղէնը: Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն:
Բարձր տրամադրութեամբ եւ շնորհակալական խօսքերով ներկաները բաժնուեցան, դարձեալ հանդիպելու փափաքով:
