ՀԵՂՈՒՇ ՓԱՓԱԶԵԱՆ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

This page is not yet available in this language.

Հովանաւորութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Հեղուշ Փափազեան մասնաճիւղի վարչութեան, կիրակի, 26 դեկտեմբեր 2010-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած մանուկներու ամանորեայ խրախճանքը։

Ձեռնարկը կատարուեցաւ Էհլանի սրահին մէջ, որ սիրով տրամադրուած էր սրահի պատասխանատու Անի Պուճիքանեանի կողմէ։

Շուրջ հարիւր փոքրիկներ իրենց ծնողներով լեցուցած էին սրահը՝ ներկաներուն թիւը հասցնելով 300-ի։ Բարի գալուստի խօսք արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Թալին Ջուլֆայեան, որ ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ մասնաճիւղին եւ ԼՕԽ-ի առաքելութեան, հայ ժողովուրդին մատուցած անոր ծառայութիւններուն։ Ան հաստատեց, որ վարչութիւնը կը հաւատայ, թէ այս փոքրիկներուն ծնողները միշտ զօրավիգ պիտի կանգնին մասնաճիւղի բոլոր գործունէութիւններուն։ Խօսքի աւարտին ան բարի վայելում մաղթեց բոլորին։

Ձեռնարկը սկսաւ զանազան խաղերով, մրցումով, որոնց ընթացքին արձանագրուած յաղթանակներով խանդավառուեցան մանուկները։ Շուտով անոնց միացան արջուկը, ժպիտը եւ նապաստակը, որոնք երգերով ու պարերով խինդ ու ժպիտ դրոշմեցին փոքրերուն անմեղ դէմքերուն վրայ։

Կաղանդ պապան ուշ է, ուշ է մնացեր... երգով եւ կանչով շուրջ հարիւր փոքրիկներ դիմաւորեցին Կաղանդ պապան, որ կու գար Արարատի հայրենի գագաթէն, բայց հակառակ հեռուէն գալուն՝ ան չէր յոգնած, շատ աշխուժ էր, երգեց ու պարեց փոքրիկներուն հետ, լուսանկարուեցաւ։

Ուրախ էր Կաղանդ պապան, ուրախ էին փոքրիկները, որովհետեւ ամբողջ տարին անոնք բարի ու հնազանդ եղած էին, որպէսզի նուէրներ ստանային։ Այդպէս ալ եղաւ, Կաղանդ պապան նուէրներ բաժնեց բոլորին եւ մեկնեցաւ այլ մանուկներ ուրախացնելու։

Վարչութիւնը իր պատրաստած կարկանդակով եւ պտուղի հիւթով հիւրասիրեց ներկաները, մանուկներուն զուարթ արտայայտութիւնները ողողեցին սրահը։

Դժուար էր այս ուրախութեան աւարտը տեսնելը, սակայն կրկին հանդիպելու խոստումով բոլորը ամանորեան բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին ու մեկնեցան։