Հայկական Աւանդութիւններուն Նուիրուած Ձեռնարկ

This page is not yet available in this language.

Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին՝ Ուրբաթ 27 Մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» Սրահին մէջ՝ տեղի ունեցաւ հայկական աւանդութիւններուն նուիրուած ձեռնարկ:

  Դաստիարակչական յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ընկհ. Ռիթա Լաքիսեանը: Ան քաջալերեց Հայ մայրերը եւ մեծ մայրերը պահպանելու հայկական աւանդութիւնները իրենց ընտանիքներէն ներս:

  Օրուայ առաջին պատգամախօսը՝ Հայր Ղեւոնդ Բէնդէզեան խօսեցաւ Հայ եկեղեցական տօներէն եկած Հայկական աւանդութիւններուն մասին՝ մեկնաբանելով անոնց հետ կապուած սովորութիւնները:

  Ապա՝ ներկաները ունկնդրեցին Անուշ եւ Ինկա Արշակեաններու ցեղասպանութեան 1ՕՕ ամեակին նուիրուած երգը:

  Ընկհ. Յասմիկ Գէորգեան ամբողջացուց աւանդութիւններուն հետ կապուած սովորութիւնները կեդրոնանալով ժողովրդային աւանդութիւններուն վրայ:

 Այնուհետեւ ներկաները ունկնդրեցին Եւրատեսիլ 2015-ին Հայաստանը ներկայացնող հայկական ցեղասպանութեան նուիրուած երգը, որմէ ետք ընկհ. Ռիթա Լաքիսեան օրուայ պատգամախօսներուն յանձնեց Հայկական ձեռագործով պատրաստուած յուշանուէրներ:

  Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ հայկական աւանդական պահքի ուտեստեղէններու հիւրասիրութիւն: